Արամ Ա կաթողիկոսն ընդունել է ԻԻՀ նորանշանակ դեսպանին
Քաղաքականություն
06.11.2018 | 20:12Իրանի եւ Հայաստանի ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջեւ յարաբերութիւնը ռազմավարական կարեւորութիւն ունի» շեշտեց դեսպանը
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան՝ Մուհամմէտ Ճալալ Ֆրուզնին:
Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Իրանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ գործակցութեան, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքին ու Լիբանանին առնչուած հարցեր: Յիշեալ հարցերու գծով թէ՛ Վեհափառ Հայրապետը եւ թէ դեսպանը իրենց տեսակէտները պարզեցին: Նորին Սրբութիւնը շեշտեց Իրանի ու Հայատանի միջեւ գործակցութիւնը ամրացնելու կարեւորութիւնը՝ զայն նկատելով կենսական թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Իրանի համար: Դեսպանը ամբողջութեամբ բաժնելով Հայրապետին տեսակէտները՝ ըսաւ, որ նոյն դրական մօտեցումով Իրանը պիտի շարունակէ իր գործակցութիւնը եւ բարեկամական յարաբերութիւնը Հայաստանի հետ: Ան միաժամանակ աւելցուց, որ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հետ իր երկրին յարաբերութիւնը ռազմավարական կարեւորութիւն ունի:
Անդրադարձ եղաւ նաեւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքին ու յատկապէս Սուրիոյ ու Լիբանանի կացութեան: Այս ծիրէն ներս Արամ Ա. Կաթողիկոս ողջունեց դէպի վերականգնում ու վերակազմակերպում ընթացող Սուրիան, ինչպէս նաեւ շեշտեց Սուրիոյ հայ համայնքին ներկայացուցած յատուկ կարեւորութիւնը Սփիւռքի հայութեան: Լիբանանի գծով Ան ընդգծեց երկու հայ նախարար ունենալու հրամայական անհրաժեշտութիւնը, որպէս իրաւունքը հայ համայնքին: Յիշեալ հարցերուն գծով Իրանի դեսպանը ողջունեց Սուրիոյ հայութեան զօրակցութիւնը սուրիական իշախանութեան եւ Լիբանանի նոր կառավարութեան մէջ երկու նախարար ունենալու հայ համայնքին իրաւունքը:
Վեհափառ Հայրապետը եւ դեսպանը նաեւ անդրադարձան Իրանի հայութեան: Դեսպանը բարձր յարգանքով արտայայտուեցաւ Իրանի հայութեան մասին ու մանաւանդ անոր գործօն մասնակցութեան երկրին հզօրացման ու ծաղկման աշխատանքներուն: Հայրապտետը, իր կարգին, իր խոր գնահատանքը յայտնեց Իրանի հայութեան նկատմամբ երկրի հոգեւոր առաջնորդին ու պետութեան ցուցաբերած սիրալիր մօտեցման եւ երկրէն ներս հայութեան վայելած լայն ազատութիւններու նկատմամբ: