Պոլսո պատիրարքարանը եկեղեցու վրա պարելու միջադեպի մասին հայտարարություն է տարածել
Հասարակություն
12.07.2021 | 13:50Պոլսո հայ պատրիարքարանի հայտարարությունը․
Կիրակի, ընկերային ցանցերու մէջ տեղ գտած տեսաերիզի մը մէջ յայտնի կը դառնար, թէ՝ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ դրան առջեւ պատահած էր անախորժ դէպք մը, ըստ որում բազմութիւն մը հաւաքուած էր եկեղեցւոյ առջեւի փոքր հրապարակը երաժշտութեամբ զուարճանալու տրամադրութեամբ եւ անոնցմէ երեքը եկեղեցւոյ արտաքին դրան պատին վրայ մագլցելով պարած էին։
Ուստի, Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ Երէց՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, առանց յապաղելու, կէսգիշերին կապ հաստատած է Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հետ եւ եկեղեցւոյ պաշտօնէութենէն ստացած տեղեկութեանց հիման վրայ դէպքի մասին մանրամասնօրէն տեղեակ պահած է Պատրիարքական Աթոռը։ Ըստ Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ տեղեկութեանց, շաբաթ գիշեր ուշ ժամերուն գինովներ հաւաքուած են եկեղեցւոյ առջեւի փոքր հրապարակը եւ անոնցմէ երեքը եկեղեցւոյ արտաքին դրան պատին վրայ մագլցելով պարած են։ Գիշերապահը նախ ազդարարած է, որ պատէն վար իջնեն։
Երբ անոնք շարունակած են մնալ պատին վրայ, գիշերապահը տեղեակ պահած է ոստիկանութիւնը։ Գիշերապահէն ստացուած տեղեկութեան համաձայն երբ ոստիկանութիւնը հասած է դէպքին վայրը, արդէն իսկ բոլորը հեռացած են հրապարակէն։ Դէպքը, որուն նմանները վերջերս յաճախակիօրէն կը տեսնուին Գատըգիւղի, յատկապէս Մօտայի կամ այլ վայրերու մէջ, գիշերուան ուշ ժամերուն, երբ զուարճութեան վայրերու երաժշտական յայտագրերը ժամը 24.00-ին կը դադրին հրապարակուած վերջին կանոնադրութեան համաձայն։ Թաղին մէջ արդէն իսկ նման երեւոյթներ ընդհանրապէս դժգոհութեանց դուռ բացած են եւ անհատական բողոքներ սկսած են ներկայացուիլ։
Բաց աստի, թաղային խորհուրդը այս առաւօտ պաշտօնական բողոքագիր ներկայացած է ապահովութեան պաշտօնարան, խնդրելով պատշաճին տնօրինութիւնը, որպէսզի եկեղեցւոյ առջեւի հրապարակին վրայ նման դէպքեր չպատահին։ Պատրիարք Հայրը, լսելով դէպքի մասին առաջին հերթին իր ցաւը յայտնեց եւ հասաւտիացուց, թէ՝ Պատրիարքական Աթոռը որպէս հոգեւոր կեդրոն, կապ հաստատելով պատկան մարմիններուն հետ հետամուտ պիտի ըլլայ այս դէպքին։ Պատրիարք Հայրը, այս առիթով հայրական թելադրութիւնները ըրաւ Տէր Հօր եւ վարչութեանց ու փոխանցեց իր օրհնութիւնները տեղւոյն ժողովուրդին։